2016-12-13 09:49:00

Ֆրանչիսկոս Պապին նամակը Պաշշար Էլ Ասատին. Կոչ` դադրեցնելու բռնութիւնները։


(Ռատիօ Վատիկան) ''Սուրիոյ հանրապետութեան մօտ առաքելական նուիրակ` Մարիօ Զէնարի Արքեպիսկոպոսը Կարդինալ նշանակելով Ֆրանչիկսոս Սրբազան Քահանայապետը ուզած է յատուկ գուրգուրանք ցուցաբերել սիրեցեալ Սուրիացի ժողովուրդին որ վերջին տարիներուն յատկապէս տառապած է'' կը գրէ Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակը, հրապարակած մէկ հաղորդագրութեան մը մէջ որով կը յայտնէ թէ Սրբազան Քահանայապետը` Կարդինալ Զէնարիի միջոցաւ նամակ մը ուղարկած է Սուրիոյ Նախագահ Պաշշար Էլ Ասատին որուն մէջ դարձեալ կոչ ուղղած է նախագահին ու միջազգային հասարակութեան բռնութիւններու կասեցումին ու հակամարտութիւններու խաղաղ լուծում գտնելու հրամայականին ի սպաս, դատապարտելով ծայրայեղականութեան ու ահաբեկչութեան որեւէ արարք, որեւէ կողմէ որ կատարուած ըլլայ, հրաւիրելով ապա Նախագահը ապահովեցնելու միջազգային մարդասիրական իրաւունքներու յարգանքը, յատկապէս քաղաքացիներու պաշտպանութեամբ ու մարդասիրական օգնութիւններու ներմուծման թոյլտուութեամբ։

Սրբազան Քահանայապետի վերոնշեալ նամակը Սուրիոյ Նախագահին յանձնած է Կարդինալ Մարիօ ԶԷնարին, նախագահին հետ ունեցած յատուկ հանդիպումի ընթացքին` 12 դեկտեմբեր 2016-ին, ինչպէս նոյնինքն Կարդինալ ԶԷնարին յայտնեց Վատիկանի ձայնասփիւռին, աւելցնելով թէ Սուրիոյ Նախագահը մեծ երախտագիտութեամբ ընդունած է Քահանայապետին նամակը, եւ ընդգծելով թէ նամակին պարունակութիւնը նորութիւն մը չէ ու թէ Սրբազան Քահանայապետը մշտապէս դատապարտած է բռնութիւնները ու հրաւէր ուղղած է դիմելու խաղաղ բանակցութիւններու ու յարգելու ամէն մէկ անհատի իրաւունքն ու արժանապատուութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.